2010-08-02 12:33:41

Սուտանի եպիսկոպոսական դասի արտակարգ նիստը` լուրջ մտահոգութիւնը խաղաղութեան դանդաղ կիրարկումին համար։


Սուտանի կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական դասը արտակարգ նիստ մը գումարած է որուն ընթացքին յայտնած է իր խոր մտահոգութիւնը ի տես սահմանադրական հանրաքուէի պատրաստութեան, որով պիտի վճռուի հարաւային Սուտանի ժողովուրդի ինքնավարութիւնը, նախատեսուած՝ 2011ին սկիզբը։

''Յոյսի ու ներգործութեան կոչի'' պատգամին մէջ, Սուտանի կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական դասը իր մտավախութիւնը կը յայտնէ վերոյիշեալ ծրագրին գործադրութեան համար։ Եպիսկոպոսները իրենց կոչին մէջ կը յիշեցնելով թէ ՜՜Սուտանը բազմացեղային, բազմամշակութային, բազմաբարբառ ու բազմակրօն երկիր մըն է, սակայն կեդրոնական կառավարութիւնը միշտ անտեսած է այս իրողութիւնը՝՝ ցաւով ընդգծած են , յարելով թէ կաթողիկէ եկեղեցւոյ համար պետութեան պարտականութիւնն է պահպանել կեանքը ու մարդկային արժանաւորութիւնը ու աշխատիլ հասարակութեան բարիքին համար։







All the contents on this site are copyrighted ©.